2012-10-13 13:31:13

Գրիգոր Լահամ Պատրիարքը. <<Հաւատքի Տարին Միջին Արեւելքին Համար Ըլլայ Հաշտութեան Տարի Մը>>։


Յոյն կաթողիկէ մելքիթներու պատրիարք` Գրիգոր Լահամ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով մաղթեց որ հաւատքի տարին Միջին Արեւելքին համար դառնայ հաշտութեան տարի մը։ Արեւելքի քրիստոնեաները միշտ ռահվիրան եղած են Արեւելքի մշակոյթի, գեղարուեստի ու դաստիարակութեան։ Ապա պատրիարքը յայտնեց որ ինք Լիբանանի նախագահէն խնդրած է որ արաբական երկիրներու բոլոր ղեկավարներուն ուղարկէ Լիբանանի մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին արտասանած ճառերը, որպէս խաղաղութեան պատգամաբեր, մաղթելով որ Լիբանանէն ճառագայթէ խաղաղութիւնը համայն արաբական աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.